
Ջրանցքի երկրէն՝ Փանամայէն սփռուած լուրը դժբախտաբար սպասուածին նման չակնկալուեցաւ, չտարածուեցաւ եւ պարզ ու մեկին Երեւանեան բացատրութեամբ եւ արտայայտութեամբ…չստացուեց: Այս մէկը վերագրել համահայկական խաղերու ստեղծած խանդավառութեան եւ աղմուկի՞ն թէ ամառնային շոգին, որ համեմատաբար կ՛անդամալուծէ քաղաքական անցուդարձն ու առ հասարակ եռուզեռը: Արդարեւ, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Յուլիս 31-ին, յատուկ նիստ մը տրամադրելէ ետք, բանաձեւ մը որդեգրած էր, Թուրքիոյ…















