
Հայաստան տակաւին խորհրդային հանրապետութիւն էր 1989ին, երբ օրուան Կոմկուսի իշխանաւորները, հարկադրաբար տեղի տալով Արցախեան Պահանջատիրութեան եւ անոր շղթայազերծած համաժողովրդային բողոքի ճնշումին տակ, պաշտօնապէս ճանչցան Մայիս 28ը իբրեւ Հայաստանի անկախութեան ազգային տօն։ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, օրի՛ն, մեր ժողովուրդը իր տիրական մեծամասնութեամբ ապրեցաւ խանդավառութեան եւ հպարտութեան, յուզումի եւ սպասումներու անմոռանալի պահեր։ Վերջապէս իրականացած էր սերունդներու…















