
(Սեւրի Դաշնագիրին 95-Ամեակին Առիթով) Սեւրի դաշնագիրին եւ անոր իրաւական պարունակին մէջ ամրագրուող Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին մասին որեւէ քաղաքական հրապարակում, այսուհետեւ շատ թերի եւ բացթողեալ բաժիններով կը յատկանշուի, եթէ յղում չկատարէ Սեւրի պայմանագիրին մասին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրի հետեւեալ բաժինին. «Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով…















