
Երկու ճակատ կարելի էր ըսել, բայց Դաշնակցական դաստիարակութիւնը թոյլ չի տար ներազգային հակադրութիւնները իբրեւ պայքարի ճակատներ ներկայացնել: Այսուհանդերձ, կայ պայքար իշխանափոխութեան, եւ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով լաւատեսութիւն ներշնչող զարգացումներ կ՛ուրուագծուին Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ: Արդարեւ, անցեալ տարուան ընթացքին տեսանք հասարակական կազմակերպութիւններու աննախընթաց աշխուժութիւն մը, որ անպայմանօրէն քաղաքական նպատակներ հետապնդելու ուղղութեամբ չէր շարժեր: Այսուհանդերձ, այս աշխուժութիւնը…















