
Երեւանի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ արձանագրուած պատկերները հասարակութիւն-իրաւապահ մարմիններ յարաբերութեան ոչ հեռանկարային իրավիճակ կը պարզեն: Այս սիւնակներէն քանի մը անգամ շեշտուեցաւ քաղաքացիական առողջ շարժումներու կայացման անհրաժեշտութիւնը: Մանաւանդ, երբ ընդդիմադիր ուժերու միաւորման չկայացումով ստեղծուած բացը լրացնելու իբրեւ անհրաժեշտութիւն կը դիտարկուէին քաղաքացիական շարժումի այդ դրսեւորումները: Այդ շարժման որոշ գործողութիւններ յանգեցան դրական արդիւնքի, երբ պետական այս կամ այն հաստատութիւնը…















