
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, բազմատաղանդ արուեստագէտ, երկրաչափ ու նկարիչ Շանթ Կիրակոսեանի նկարներուն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 19ին, յետմիջօրէի ժամը 5էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, արուեստասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ եկած էր վայելելու Շանթ Կիրակոսեանի արուեստին պատկանող բազմաբնոյթ նկարները: Արուեստագէտին կենսագրական գիծերը հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուց Արմէն Սամուրգաշեան:…















