
«Չարթըր Քոմիւնիքէյշընզ» ընկերութիւնը վերջերս Հորիզոն Հայկական Հեռատեսիլի կայանի տնօրէնութեան տեղեկացուց, որ երկու տասնամեակէ աւելի հայ համայնքին իր ծառայութիւնը բերած կայանը Փետրուար 19ին պիտի հանուի ընկերութեան կայաններու ցանկէն: Այս ցնցող ու միակողմանի որոշումը՝ առնուած ընկերութեան մը կողմէ, որ կը տնօրինէ Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Լա Քրեսենթայի, Լա Քանիատայի, Փասատինայի եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի քապելային կայաններու համակարգը, պիտի զրկէ…











