
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- «Մարզախաղը, որ ազգերը համախմբելու ձեւ մը պէտք է ըլլայ, կրնայ օգտագործուիլ երկրի մը իրականութիւնը թաքցնելու նպատակով»։ Այս խօսքերով սկիզբ կ’առնէ Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան հաղորդագրութիւնը, 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրի ընտրութեան նախօրեակին։ Այդ որոշումը պիտի որդեգրուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Հարկ է նշել թէ Պոլիսը այս ուղղութեամբ…














