
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կազմակերպած են ազգային վիճակախաղ մը, որմէ յառաջացած ամբողջ շահը պիտի ուղղուի վերաբնակեցման ծրագիրներուն: «Մեր պետութիւնը ուղղակի պարտաւոր է ատիկա կազմակերպելու, որովհետեւ ունի քաղաքական բաւարար վստահութիւն ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան, ե՛ւ սփիւռքի մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, որուն…















